2016-01-17 09:46:00

''Սէրը նախքան արարչագործութիւնը'' Պապին` մանուկներու հարցումներուն պատասխաններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ օրերուն լոյս պիտի տեսնէ յատուկ գիրք մը որուն մէջ  ֆրանչիսկոս Պապը պարզութեամբ կը պատասխանէ մանուկներու իրեն ուղղուած նամակներուն եւ հարցումներուն։

Գիրքին վերնագիրն է ''Սէրը նախքան արարչագործութիւնը'' եւ կը հրատարկուի Յիսուսեան Միաբանութեան ''Լոյոլա Փրես'' տպագրատան նախաձեռնութեամբ։ Պարզ հարցում պատասխաններ.  Աշխարհի ստեղծումէն առաջ Աստուած ի՞նչ կ՛ ընէր։ Կը սիրէր։ Ի՞նչու ծնողները իրարու հետ կը կռուին։ Որովհետեւ մարդկային էակներ են։

Գիրքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ամենայն պարզութեամբ կը պատասխանէ 6-13 պատանիներու հարցումներուն։ Գիրքին համար ամփոփուեցան 259 նամակներ աշխարհի 26 երկիրներէն և գիրքին պատկերացումները ընտրուեցան 31 մանուկներու ներկայացուած գծագրութիւններէն։

Գիրքը` Քահանայապետին պիտի ներկայացուի յառաջիկայ 22 Փետրուարին իսկ 25 Փետրուարին պիտի հրատարակուի իտալական գրատուներու մօտ եւ Մարտ մէկէն սկսեալ համայն աշխարհի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.